2012-11-13 14:11:21

Երեք Ծիրանաւորներ Արժանացան <> Մրցանակին։


2012 տարուայ <> մրցանակի պարգեւատրումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ 10 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան` Իտալիոյ Սալէրնօ շրջանի Պադդիբալիա քաղաքին մէջ։
Մրցանակին արժանացան երեք ծիրանաւորներ` Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլօ` Վատիկանի Պետութեան Նախագահ, Զէնոն Կրոքոլէվսքի ծիրանաւորը` Կաթողիկէ դաստիարակութեան Քահանայապետական Ժողովի կառավարիչ եւ կարդինալ Վէլազիօ Տէ Բաօլիս, Սուրբ Աթոռի Տնտեսական Կուսակալութեան երբեմնի Նախագահ։ Միեւնոյն արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ <> շքանշանի տուչութիւնը որ ի մէջ այլոց շնորհուեցաւ Իտալիոյ Բալէսդրինա Թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Տոմէնիքօ Սիկալինիին եւ գերապայծառ Մարքօ ֆրիզինայի ու նաեւ լրագրող Սալվաթորէ Իցցոյին։








All the contents on this site are copyrighted ©.